2012-11-15 14:43:30

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց Երեսուն-իններորդ – Գլուխ Գ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԵՂԵՑՒՈՅՆ
ՄԻԱԿ, ՍՈՒՐԲ, ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ (5)

Հարցում թիւ 138. Ինչպէ՞ս կազմաւորուած է միակ, սուրբ, կաթողիկէ եւ առաքելական Եկեղեցին։
Եկեղեցւոյ մէջ կը զանազանուին աշխարհականները եւ կղերականները։ Որպէս Աստուծոյ զաւակներ, ունին նոյն արժանապատուութիւնը. իրենց գործունէութիւնները հաւասար արժէք ունին։ Աշխարհականներու առաքելութիւնը կը կայանայ աշխարհը դէպի Աստուծոյ Արքայութիւնը ուղղելու մէջ. Իրենց կ՛ընկերակցին ձեռնադրեալ պաշտօնեաներ` կղերականները. Ասոնց պատասխանատուութիւնն է առաջնորդել Եկեղեցին, ուսուցանել եւ սրբացնել։ Երկու տուեալ դասակարգերուն մէջ ալ կան քրիստոնեաներ, որոնք յատուկ կերպով նուիրագործուած են Աստուծոյ` աղքատութեամբ, ողջախոհութեամբ եւ հնազանդութեամբ (զոր օրինակ` կրօնաւորական կարգերու մէջ)։
Ամէն քրիստոնեայ պարտականութիւնն ունի վկայութիւն տալու Աւետարանին, իր իսկ կեանքով. Սակայն իւրաքանչիւրը կը յառաջանայ Աստուծոյ կողքին իր յատուկ ձեւով։ Տէրը ոմանց կը յանձնէ աշխարհականի առաքելութիւնը, որպէսզի կառուցեն Աստուծոյ Արքայութիւնը աշխարհիս մէջ, իրենց ընտանիքով եւ իրենց արհեստով. Կու տայ անոնց` մկրտութեամբ եւ դրոշմով, Սուրբ Հոգւոյ այն բոլոր պարգեւները որոնց պէտք ունին։ Ուրիշ դրոշմեալներու` կը յանձնէ հովուելու պաշտօնը. Անոնք հարկ է որ կառավարեն իր ժողովուրդը, ուսուցանեն եւ սրբացնեն զայն։ Ոչ ոք կրնայ համարձակութիւնն ունենալ ինքիրեն տալու այս պաշտօնը. Տէրը ինք կու տայ զայն եւ, ձեռնադրութեան խորհուրդով, կը յանձնէ իրեն աստուածային իշխանութիւնը, որով պիտի կարենայ գործել Քրիստոսի անունով եւ մատակարարել Խորհուրդները։
Հարցում թիւ 139. Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ աշխարհականներու կոչումը։
Աշխարհականներու առաքելութիւնը կը կայանայ իրենց յանձնառութեամբ ընկերութեան մէջ, որպէսզի Աստուծոյ Արքայութիւնը կարենայ աճիլ մարդոց միջեւ։
Աշխարհական մը երկրորդ կարգի քրիստոնեայ մը չէ, որով ան մասնակից է Քրիստոսի քահանայութեան (հասարակաց քահանայութիւն բոլոր մկրտուածներուն)։ Ան կը հսկէ որ իր շուրջ գտնուող անձերը (դպրոց, կազմաւորում, ընտանիք, արհեստ) կարենան ճանչնալ Աւետարանը եւ սիրել Քրիստոսը։ Ան իր հաւտքով կը թրծէ ընկերութիւնը, տնտեսութիւնը եւ քաղաքականութիւնը. Կը մասնակցի Եկեղեցւոյ կեանքին, կատարելով պաշտօնները արարողութիւններու օգնականի եւ ընթերցողի, յանձն կ՛առնէ հոգեւոր խմբաւորումներ ոգեւորել, կը մասնակցի եկեղեցական յանձնախումբերու եւ կազմակերպութիւններու (ժողովրդապետական խմբակցութիւն, հովուական խորհուրդ, եւայլն…)։ Յատուկ կերպով երիտասարդները լրջօրէն մտածելու են թէ Աստուած ինչ տեղ կը փափաքի որ բռնեն Եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.